2014-12-05 11:55:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 5 դեկտեմբերի գործունէութիւնը` Աստուածաբանական Միջազգային յանձնախումբի անդամներուն հետ հանդիպում։


(Ռ.Վ. 5 դեկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի ''Րէտէմբթորիս Մաթէր'' մատրան մէջ մասնակցեցաւ յիսնակաց շրջանի մտածականի աւանդական նիստին, զոր կատարեց Քահանայապետական տան քարոզիչը` Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան եւ որուն այս տարուայ նիւթն է ''Խաղաղութիւն երկրի վրայ` մարդոց զոր Աստուած կը սիրէ''։
Սրբազան Քահանայապետը ապա իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին` ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովի կառավարիչը, գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազին` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, Տոքթ Սալվաթորէ Մարթինէսը` ''Սուրբ Հոգիին մէջ նորոգում'' ազգային շարժումի նախագահ եւ Քիքօ Արկելլոն` ''Նէոքաթեքումենալ'' եկեղեցական շարժումի նախաձեռնողը։
Ժամը 11,45-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի` 38 անդամներուն որոնք վատիկանի մէջ, 1 -5 դեկտեմբեր գումարած են իրենց լիագումար նիստը, նախագահութեամբ` յանձնախումբի նախագահ, Կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլլէրի։

Աստուածաբաններու Միջազգային Յանձնաժողովի անդամներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց, որ Յանձնաժողովի առաքելութիւնն է՝ ուսումնասիրել խիստ կարեւորութիւն ունեցող վարդապետական հարցեր, յատկապէս հոն, ուր նոր տեսակէտներ կը ներկայանան, մատուցանելով աջակցութիւն՝ Եկեղեցւոյ Դաստիարակչական Առաքելութեան։
Այս առաքելութիւնը կը կատարուի ոչ միայն մտային կարողութիւններով այլ նաեւ հոգեւոր տրամադրելիութեամբ։ Ասոր համար Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրեց ''ունկնդրելու'' անհրաժեշտութեան վրայ՝ մէջբերելով Եզեկիէլ Մարգարէի գրքէն՝ ''Մարդու որդի, այն բոլոր խօսքերը, որ ըսի քեզի, ականջներովդ լսէ եւ սրտիդ մէջ պահէ։'' (Եզեկ. Գ. 10) Աստուածաբանը նախ եւ առաջ հաւատացեալ մըն է որ կը լսէ կենդանի Աստուծոյ խօսքը եւ զայն կ'ընկալէ իր սրտէն եւ մտքէն ներս։ Աստուածաբանը պէտք ինքզինք խոնարհաբար տրամադրէ ունկնդրելու ''ինչ որ Հոգին կ'ըսէ եկեղեցիներուն։'' (Յայտ Բ. 7)
Աստուածաբանը քրիստոնեայ բոլոր հաւատացեալներուն հետ միասին կը բանայ աչքերը եւ ականջները ''ժամանակի նշաններուն''։ Ան կոչուած է, ըստ Վատիկանեան Բ. Ժողովի Gaudium et Spes Սահմանադրութեան ''ունկնդրելու ուշադրութեամբ, ապա կշռադատելու եւ մեկնաբանելու մեր ժամանակի զանազան արտայայտութիւնները, ձեռնհասութեամբ դատելու զանոնք Աստուծոյ խօսքի լոյսին տակ, որպէսզի յայտնուած ճշմարտութիւնը միշտ աւելի խոր հասկցուի, աւելի լաւ ըմբռնուի եւ կարելի ըլլայ զայն արտայայտել աւելի յարմար ձեւով։'' (Վատիկանեան Բ. Ժողով, Gaudium et Spes Սահմանադրութիւն, թ. 44)
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ հոս շեշտեց նաեւ կանանց ցուցաբերած ներդրումի անհրաժեշտութիւնը՝ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ անոր առաքելական գործունէութեան մէջ։
Ապա անդրադառնալով եկեղեցւոյ ընդհանրականութեան ըսաւ՝ Աստուածաբաններու Յանձնաժողովի բնորոշ է անոր միջազգային նկարագիրը որ կը ցոլացնէ Եկեղեցւոյ կաթողիկէ ընդհանրական նկարագիրը։ Տեսակէտներու բազմազանութիւնը պէտք է հարստացնէ ընդհանրական նկարագիրը առանց վնասելու միութեան։ Միութիւնը կը ծնի մի միայն հաւատքով ի Քրիստոս եւ կը սնի Սուրբ Հոգիի պարգեւներու բազմազանութեամբ։ Հետեւաբար աստուածաբանական զանազան մօտեցումները հարստացում պէտք է ըլլան, եւ ձեր առաքելութիւնը վկայութիւն՝ այս ճոխացումին։
Աստուածածինը, աստուածաբանութեան իբր վաւերական դաստիարակ, ձեզ պահէ իր մայրական աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.